Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական կեդրոն (ALC) 501 (c) (3) ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է:

Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական կեդրոնը պիտի պայքարի ճշդելու համար Հայոց Ցեղասպանութենէն բխած մարդու իրաւունքներու խախտումները, որոնք մինչ այսօր կը շարունակեն տարածաշրջանի կայունութիւնը վտանգել եւ որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապին ցեղասպանութեան եւ ո՛չ մարդու իրավունքներու եւ արդարութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւններէն:

Իրաւաբանական և կրթական նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ փաստագրութեան միջոցով, Հայկական Իրաւական Կեդրոնը պիտի կեդրոնանայ Թուրքիոյ հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական, տարածքային, և մաքրոտնտեսական ներգրաւուածութիւններէն բխող Հայոց Ցեղասպանության պատասխանատւութեան եւ հետեւանքներուն վրայ, ներառեալ Արեւմտեան Հայաստանի հայրենիքի հարցը, Հայաստանի Հանրապետութեան և համապատասխան սփիւռքահայ շահագրգիռ կողմերու հատուցումներու վճարման հարցը, և Արցախի Հանրապետութեան ապագան, որուն անկախութիւնը և անվտանգութիւնը այսօր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ միջազգային բեմին վրայ, մեծ մասամբ Հայոց ցեղասպանության պատճառով:

Միջազգային իրաւական գործունէութեան զուգահեռ, Կեդրոնը պիտի կեդրոնանայ արդարութեան վրայ հիմնուած լուծումներու՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքով գողցուած կամ բռնագրաւուած հաւաքական սեփականութիւններուն եւ կալուածներուն գծով, ներառեալ՝ եկեղեցիներու, կրօնական վայրերու, հիմնադրամներու, դպրոցներու, թանգարաններու, արուեստի գործերու, գիրքերու եւ այլ մշակութային ժառանգութիւններու հետ կապ ունեցող կալուածները: