Դուք կամ ձեր ընտանիքը Հայոց ցեղասպանության ժամանակ կամ անկէ յետոյ Օսմանեան Կայսրութեան կամ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ բռնագրաւուած սեփականութեան կալուածագրեր ունի՞ք? Տեղեկութիւններ կամ այլ տեսակի փաստաթուղթեր կապուած ընտանեկան սեփականութեան, դրամատնային հաշիւներու,կամ ուրիշ կալուածներու, ինչպէս օրինակ սեփականութիւնը նկարագրող նամակներ, լուսանկարներ, կամ բանաւոր վկայութիւններ ունի՞ք:
Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Իրաւական կեդրոնը կը ցանկայ այս բոլորը ցանկագրել կալուածներու վաւերագրման շտեմարանին մէջ:
Կալուածներու վաւերագրման շտեմարանի ծրագիրը այս հանգրուանին կը միտի գողցուած կալուածները յայտնաբերել ու անոնց անհետացումը արգիլել: Ստրոեւ փոխանցուած տեղեկութիւնները յաճախորդ-իրաւաբան յարաբերութիւն չեն ստեղծեր եւ պաշտօնական իրաւական խորհրդատւութեան բնոյթ չունին:
Որեւէ լուսաբանութեան պարագային կը խնդրուի հեռաձայնել Իրաւական Կեդրոն՝+1 (202) 742-8702
Տեղեկութիւնները փոխանցելէ ետք, կեդրոնի անձնակազմէն անդամ մը ձեզի հետ պիտի կապուի: