Վարժանքներ

Տարուայ ընթացքին կարելի է օգտուիլ չվարձատրուած վարժանքներու առիթէն, կարգի ու կարիքի համաձայն: Վարժանքի դիմելու համար կը խնդրուի նամակ գրել contact@armenianlegal.org-ին հասցէին, վերնագիր ունենալով “ALC Internship.” : Կը խնդրուի նամակին կցել ձեր կենսագրականը, պատճառարկութեան նամակ, որեւէ գրութեան օրինակ, նիշերու ցանկ, ինչպէս նաեւ յստակցնել թէ շաբաթական քանի ժամ կրնաք տրամադրել:

 

Աշխատանք

ALC այս պահուն աշխտանքի տեղ չունի:

 

Կամաւոր

Որպէս փոքր ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն, ALC-ն կը վստահի կամաւորներու եւ չվարձատրուող արհեստավարժներու օժանդակութեան վրայ: Եթէ կրնաք անվճառ ծառայութիւններ մատուցել, անկախ թէ որքան փոքր կրնայ ըլլալ անոնք, կը խնդրուի գրել contact@armenianlegal.org-ին հասցէին, վերնագիր ունենալով “Volunteer at ALC” եւ բացատրել՝ ձեր առաջարկած ծառայութիւնն ու մասնագիտութիւնը: ALC-ն յատկապէս կարիք ունի անվճառ ծառայութիւն մատուցող արհեստավարժներու եւ թարգմանիչներու: